Կիրակի, 05. 05. 2024

spot_img

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԻԷ – Առողջութիւնը Ամենաթանկ Ժառանգութիւնն Է… Բժշկութեան Թանգարան Յարութիւն Մինասեանի Հաւաքածոն

*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

                              

«Բժշկութիւնը իրաւամբ ամենաազնուագոյնն է  բոլոր արուեստներուն
Կեանքը կարճ է, արուեստի ճանապարհը` երկար, յարմար պահը` կարճատեւ, փորձը` խաբուսիկ, եզրայանգումը` դժուար: Անոր համար ոչ միայն ինքը` բժիշկը, պէտք է օգտագործէ այն ամէնը, որ անհրաժեշտ է, այլեւ հիւանդը, զինք շրջապատողները, եւ ամբողջ արտաքին իրավիճակը պիտի նպաստէ բժիշկին իր գործունէութեան մէջ»:

Հիբոքրաթ

Պեղածոյ մասունքներ, պիղնձէ, կաւէ, ապակեայ սափորներ, սրուակներ ու սկահակներ, փայտէ ու պրոնզէ սանդեր, բժշկական սարքեր, գիրքեր, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, գրասեղաններ, գրապահարաններ, հայ եւ օտարազգի անուանի բժիշկներու գիրքեր՝ ինքնագիրերով, լուսանկարներ ու փաստաթուղթեր: Աւելի քան 30 հազար ցուցանմոյշ ներառող այս հաւաքածոն կրնաք տեսնել բժշկութեան թանգարանին մէջ, զոր ստեղծած է մասնագիտութեամբ հոգեբոյժ Յարութիւն Մինասեանը , որ հաւաքած, գնած, փոխանակած, նաեւ նուիրատուութիւններ ստացած ու հիմնած է առաջին Հայ բժշկութեան թանգարանը:

Հին իրերու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը հոգեբոյժին  որպէս օգնական միացուց հայկական հնագիտական պեղումներ կատարող խումբի մը: Բժիշկը չէր կրնար անտարբեր մնալ հնագէտներու կողմէ յայտնաբերուած, սակայն որպէս հնագիտական պեղածոյ մեծ արժէք չներկայացնող իրերու նկատմամբ: Մարդկային գանկերն ու կաւէ կուժերու կտորտանքները որպէս վարձատրութիւն իւրաքանչիւր պեղումէ ետք կը նուիրէին բժիշկին՝ համալրելու համար հաւաքածոն: Պեղումներէն ետք  ԽՍՀՄ հանրապետութիւններ ճամբորդելու ատեն կ»այցելէր թանգարաններ, ներառեալ՝ բժշկական: Բացի այդ, յաճախակի կ»այցելէր Երեւանի պատմութեան թանգարան, Ազգային պատկերասրահ՝ ուսումնասիրելու հնագոյն գտածոները: 1980-ականներուն երբ սեփական հաւաքածոն արդէն բաղկացած էր բազմահազար կտորներէ, Յարութիւն Մինասեանը կարեւոր որոշում կայացուց. ստեղծուեցաւ բժշկութեան թանգարանը:

Արցախեան պատերազմի տարիներուն, կեանքի ծանր պայմաններէ մեկնելով, շատերը շուկայ հանեցին պապենական հասարակ թղթապանակներէն մինչեւ ամէնօրեայ իրեր. ստեղծուեցաւ յայտնի Վերնիսաժը: Հոս կարելի էր գտնել բազմաթիւ հնաոճ իրեր: Բժիշկի՝ մի քանի հազար կտորէ բաղկացած հաւաքածոն ամէն Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը սկսաւ աւելնալ նոր նմոյշներով: Ամէն նոր իրի հետ միասին կ»աւելնար բժիշկի նպատակասլացութիւնը՝ ստեղծելու հայկական ամենաամփոփ բժշկական թանգարանը:

 

 

1999 թուականի Մայիս 18-ին Թանգարաններու միջազգային օրը Երեւանի թ. 11 համաբուժարանի (այժմ` “Նոր Արաբկիր” ԱԿ) ղեկավարութեան աջակցութեամբ բուժական հիմնարկի սենեակի մը մէջ կազմակերպուեցաւ “Հայ բժշկութեան թանգարան” պայմանական անունը կրող ցուցադրութիւն, որուն բացումին ներկայ էին առողջապահութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններու աշխատակիցներ, բժիշկներ, բժշկապատմաբաններ, պատմաբաններ, հնագէտներ, գրողներ, լրագրողներ եւ այլն: Նոր թանգարանի ծնունդը լուսաբանուեցաւ մամուլի մէջ եւ հեռուստատեսութեամբ:

 

1999 թուականին թանգարանը գրանցուած է Մշակոյթի նախարարութեան մասնաւոր թանգարաններու ցուցակի եւ Ռիգայի Փաուլ Սթրադինի անուան բժշկութեան պատմութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ (սկիզբ առած է մասնաւոր հաւաքածոյէ):

Թանգարանը այսօր կը գտնուի նոր հասցէի վրայ` Արշակունեաց փողոց 441: Արդէն երկու տարիէ նորութիւններով հարստացուած եւ համալրուած հաւաքածոն իր դռները կը բանայ նոր յարկի տակ:

«Զարթօնքը», շարունակելով իր պտոյտները, այս շաբաթ կանգ առաւ բժշկութեան թանգարանին մէջ: Մեր զրուցակիցը Յարութիւն Մինասեանն է, որ սիրով ընդունեց մեզ եւ պատմեց թանգարանի ստեղծման պատմութիւնը:

«Զ.» Պարո՛ն Միանսեան, կ«ըսէ՞ք՝ ձեր քով հին իրերու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը ե՛րբ ծնած է:

«Յ. Մ.» – Գրեթէ իւրաքանչիւր մարդու մօտ առկայ է հաւաքորդութեան սէր, երբ հետաքրքրութիւն կը յառաջանայ յատուկ իրեր հաւաքելու, մէկը բացիկներ կը հաւաքէ, մէկը՝ փոքրիկ մեքենաներ: Ես ալ երիտասարդ տարիքէս կը սիրէի հին իրեր հաւաքել: Առաջին հերթին սկսայ հաւաքել մեր տան հին իրերը, իմ մեծմայրերն ու մեծհայրերը վանեցի էին, եւ տունը շատ հին իրեր ունէինք: Ես բոլորը սկսայ մէկտեղ հաւաքել: Տարիներու ընթացքին հետաքրքրութիւնս մեծցաւ, սկսայ աւելի շատ հաւաքել եւ երբ որ արդէն բժշկական համալսարանի վերջին դասընթացքս էր, ուղղուածութիւնս տուի դէպի բժշկական ոլորտը: 90-ական թուականներէն Արցախեան պատերազմի տարիներուն, կեանքի ծանր պայմաններէն մեկնելով, շատերը շուկայ հանեցին պապենական հասարակ թղթապանակներէն մինչեւ ամէնօրեայ իրեր. ստեղծուեցաւ բոլորիս յայտնի Վերնիսաժը: Հոս կարելի էր գտնել բազմաթիւ հնաոճ իրեր: Մի քանի հազար կտորէ բաղկացած տնային իմ հաւաքածոս ամէն Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը սկսաւ աւելնալ նոր նմոյշներով: Մինչեւ այսօր ես ամէն Շաբաթ եւ Կիրակի Վերնիսաժ կ’երթամ՝ հին իրեր գնելու: Յետագային ես միացայ հնագիտական պեղումներ կատարող խումբի մը: Մարդկային գանկերն ու կաւէ կուժերու կտորտանքները որպէս վարձատրութիւն իւրաքանչիւր պեղումէն ետք ինծի կը նուիրէին՝ համալրելու աստիճանաբար ձեւաւորուող հաւաքածոն: Այնուհետեւ ճամբորդելու ժամանակ թանգարաններ կ’այցելէի, ներառեալ՝ բժշկական: Բացի այդ, յաճախակի կ’այցելէի Երեւանի պատմութեան թանգարան, Ազգային պատկերասրահ՝ ուսումնասիրելու հնագոյն գտածոները:

«Զ.» –Ի՞նչ պատմութիւն ունի թանգարանը: Ե՞րբ հիմնադրուած է:

«Յ. Մ.» – 1970-ական թուականներուն ԽՍՀՄ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնական հրամանին համաձայն՝ ԽՍՀՄ բոլոր հանրապետութիւններուն մէջ պէտք է ստեղծուէին բժշկութեան պատմութեան թանգարաններ։ Տարիներու ընթացքին տարբեր հանրապետութիւններ, անոնց շարքին՝ Լաթվիան, Ազրպէյճան, Ուզպեքիստան եւ շատ ուրիշներ ունեցան իրենց բժշկութեան թանգարանները, իսկ Հայաստանը՝ ոչ։ Մինչդեռ, համամարդկային մօտեցումով, աշխարհի ամբողջ տարածքին շատ քիչ ժողովուրդներ կան, որոնք միջնադարին արդէն իսկ զարգացած բժշկութիւն ունեցած են. քիչերը կրնան հպարտանալ այն փաստով, որ տակաւին 12-րդ դարէն գիտական մակարդակի այնպիսի բժիշկներ եւ բժշկական գրականութիւն ունին, ինչպիսիք են Մխիթար Հերացին ու իր «Ջերմանց մխիթարութիւն»-ը, Ամիրդովլատ Ամասիացին ու իր «Անգիտաց անպէտ»-ը եւ այլն: Երկար տարիներ պարբերաբար դիմած եմ մեր կառավարութեան, նախարարութիւններուն, որպէսզի տարածք տրամադրեն թանգարանին համար, որ գրեթէ բոլոր երկիրները ունին բժշկութեան թանգարան, բայց դրական պատասխան չստացայ, եւ հարկադրաբար իմ միջոցներովս կրցայ ստեղծել այս թանգարանը: Թանգարանը այսօր կը գտնուի Արշակունեաց փողոցի 441 հացէին վրայ, ինչը ես երկու տարի առաջ ձեռք բերի, որպէսզի թանգարան դարձնեմ, որովհետեւ մեծ հաւաքածոյ հաւաքած էի:

«Զ.» ՞նչ կարելի է տեսնել թանգարանը: Թեմայական ի՞նչ բաժանումներ ունին սրահները:

«Յ. Մ.» – Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են շուրջ 30,000 ցուցանմոյշներ: Թանգարանի

ցուցադրութիւնը ես  պայմանականօրէն բաժնած եմ մի քանի բաժիններու՝ նախնադարեան, միջնադարեան եւ նոր ժամանակներ: 

Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են պիղնձէ, կաւէ, յախճապակեայ, ապակեայ ամաններ, կուժեր, սափորներ, սկահակներ, սրուակներ, մետաղեայ, փայտէ իրեր, պրոնզէ, քարէ, փայտէ սանդեր, բժշկական գործիքներ եւ սարքեր, երաժշտական գործիքներ, գիրքեր, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, կահոյք, կահկարասի, պեղածոյ նիւթեր, ներառեալ՝ մարդկային մասունքներ եւ այլն: Երաժշտական գործիքները նոյնպէս կ’օգտագործուին բժշկութեան մէջ, այդպիսի հասկացութիւն կայ մեղեդաբուժութիւն: Վերջինս Մխիթար Հերացիի մտայղացումն էր 11-րդ դարուն: Այսօր եւս երբ արտասահմանի բժիշկները երաժտաբուժութեան մասին նիւթեր կը հեղինակեն, միշտ կը մէջբերեն, որ առաջինը  Մխիթար Հերացին գրած է այդ մասին:

Թանգարանի արժէքաւոր ցուցանմոյշներէն կրնամ թուել օրինակ՝ Մեծամօրէն բերուած 5000-ամեայ սափորը, Գորիսէն բերուած կաւէ սրուակները, Արտաշատի Ջրահովիտ գիւղի պեղումներէն յայտնաբերուած մարդու 5000-ամեայ կմախքը` գանկոսկրի ախտաբանութեամբ, 100-200 տարի առաջ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ տպագրուած բժշկական գիրքեր,

օրինակ՝ Պետրոս Քալանթարեանի 1793 թուականին Նոր Նախիջեւանի մէջ տպագրուած  հայ առաջին տպագիր բժշկական «Բժշկարան համառօտ» գիրքը: Մինչեւ այս գիրքի տպագրութիւնը, բժշկական գիրքերը ձեռագիր կ’ըլլային, բժիշկները իրարմէ կ’արտագրէին, իսկ Պետրոս Քալանթարեանը առաջինն էր, որ իր գիրքը տպագրեց 700 օրինակով: Հոս կարելի է տեսնել նաեւ Մխիթար Հերացիի՝ 12-րդ դարուն գրուած եւ 1832 թուականին Վենետիկի մէջ տպագրուած «Ջերմանց մխիթարութիւն» գիրքը, ինչպէս նաեւ հայ, ռուս եւ օտարազգի անուանի բժիշկներու գիրքեր, յաճախ ինքնագիրերով, ընծայագիրերով, մակագրութիւններով ու անձնական կնիքներով կնքուած հրատարակութիւններ, 19-20-րդ դարերուն նշանաւոր բժիշկներու ձեռագիր գիրքեր եւ ուսանողական տետրեր, աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ հրատարակուած 100-150 տարուան հնութիւն ունեցող հայկական բժշկական պարբերականներ, հայ երեւելի բժիշկներու  լուսանկարներ ու փաստաթուղթեր, Երեւանի բժշկական հիմնարկի առաջին եւ յետագայ տարիներու շրջանաւարտներու խմբանկարներ, սփիւռքահայ բժիշկներուն վերաբերող նիւթեր, հարիւրաւոր հայ բժիշկներու կենսագրական նիւթեր եւ այլն: Հոս կարելի է տեսնել հայ բժիշկներուն պատկանած կահոյք, անձնական եւ կենցաղային իրեր` գրասեղաններ, գրապահարաններ, 19-րդ դարու փայտէ սառնարան (երբ որ ելեկտրականութիւն դեռ չկար, որպէս սառնարան կ’օգտագործէին այդ փայտէ սառնարանը, որմէ երկու հատ կայ Հայաստանի մէջ, մէկը Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանը, մէկն ալ հոս) աթոռներ, սնտուկներ, կարասներ, երկանքներ, գուռ, քանդակներ, գեղանկարներ, խորհրդային եւ արտասահմանեան արտադրութեան փաթեֆոններ, ձայնասփիւռի ընդունիչներ, հեռուստացոյց, հեռախօսներ, ժամացոյցներ, գիւղատնտեսական եւ խոհանոցային պարագաներ եւ այլն:

Կարելի է տեսնել կոտոշներու հաւաքածոյ, որովհետեւ կոտոշները շատ մեծ նշանակութիւն ունեցած են բժշկութեան մէջ, ինչը օգտագործած են որպէս բաժակ, որպէս չափի միաւոր, որպէս դեղի սրուակ եւ որպէս լսողութեան սարք:

Հոս կարելի է տեսնել նաեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներու լուսանկարներ մէկ վահանակի վրայ:

 

«Զ.» – Ի՞նչ ներդրում ունի սփիւռքը թանգարանի ստեղծման եւ զարգացման գործին մէջ:

«Յ. Մ.» – Սփիւռքը առայժմ փոքր ներդրում ունի թանգարանի զարգացման գործին մէջ: Միայն Լոս Անճելըս ապրող ատամնաբոյժ Գէորգ Քարամանուկեանը, որ, տեսնելով համացանցի իմ յայտարարութիւնս այն մասին, թէ թանգարանը կահոյք չունի հաւաքածոն ներկայացնելու համար, ինծի գրեց, որ կահոյք չի կրնար ուղարկել, բայց կրնայ գումար ուղարկել այդ ծախսերը հոգալու համար: Եւ անմիջապէս յաջորդ օրը ես արդէն ստացայ անհրաժեշտ գումարը:  Թանգարանի բարերարներէն են նաեւ Վլատիմիր Մարտիրոսեանը, Արսէն Հայրիյեանը, Էտկար Անտոնեանը:

Թանգարանը նպատակ ունի նպաստել բժշկական գիտութեան եւ առողջապահական մշակոյթի զարգացման, հայրենիքի նկատմամբ սիրոյ եւ հաւատքի ամրապնդման:

Թանգարանի նպատակն է նաեւ հաւաքել, պահպանել, ցուցադրել եւ սերունդներուն փոխանցել հայ ժողովուրդի բժշկական մշակութային դարաւոր ժառանգութիւնը հանդիսացող նիւթական եւ հոգեւոր արժէքները, ինչպէս նաեւ հայ բժշկութեան բազմադարեան հարուստ աւանդոյթները տարածել Հայաստանի բնակչութեան, Սփիւռքի հայութեան եւ օտարերկրացիներու շրջանակներուն մէջ:  

«Զ.» – Թանգարանի դռները միշտ բաց են բոլոր այցելուներուն համար նախնական պայմանաւորուածութեամբ: Բժիշկ Մինասեանը սիրով կը ստանձնէ թանգարանի անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տուող աշխատակիցի դերը եւ հաճոյքով ցույց կու տայ իր հաւաքածոն: Ան կը պատմէ ձեզ իւրաքանչիւր իրի կամ գտածոյի մասին, զանոնք ձեռք բերելու ոչ պակաս հետաքրքրական պատմութիւնը, կը ներկայացնէ հայ անուանի բժիշկներու կենսագրութեան հետաքրքրաշարժ դրուագներ եւ այլն։ Ան նաեւ գիրքեր կը գրէ, տասը գիրքի հեղինակ է, հրատարակած է «16-19-րդ դարերու լեհահայ բժիշկներ», «100 հայ հոգեբոյժներ»,  «111 բռնադատուած հայ բժիշկներ»,  «Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ», ուր անդրադարձած է շուրջ 500 հայ բժիշկներու։  

Պէտք չէ բաւարարուիլ՝ միայն գեղատեսիլ Սեւանը, Գեղարդի վիմափոր եկեղեցին կամ Գառնիի հեթանոսական տաճարը տեսնելով։ Ցանկալի է, որ զբօսաշրջիկները ծանօթանան նաեւ մեր՝ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող գիտութեան ու մշակոյթի նիւթական արժէքներուն, որոնք անթիւ-անհամար քանակութեամբ կը ցուցադրուին մեր թանգարաններուն մէջ

Յիշեցնեմ, որ բժշկութեան թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Արշակունեաց փողոց 441 հասցէին վրայ:

Հեռ. +37410446636, +37493309237

Ե-նամակ` harmin@mail.ru

կայք` www.medicalmuseum.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին