Կիրակի, 05. 05. 2024

spot_img

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԻԵ – Մէկ Օր Տիկնիկներու Աշխարհին Մէջ. Տիկնիկներու Պատկերասրահ

Մեր 25-րդ «Պտոյտին» Առիթով

Մեր այս թիւով կ’ամբողջացնենք  շաբաթական դրութեամբ հրատարակուող (ամէն Երեքշաբթի) «Զարթօնք»-ի «Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ» շարքը:

Ինչպէս մեր առաջին հրատարակութեան նախաբանին մէջ նշած էինքիրաւացի է եւ արդար    «Հայաստանը թանգարան բաց երկինքի տակ» լոզունգը, սակայն նաեւ արդար է գիտակցիլ ու խօսիլ նաեւ այն իրականութեան մասին, որ մեր հայրենիքը ո՛չ միայն կը պարունակէ անցեալէն եկած ճարտարապետական ԵկեղեցիՎանք ու Բերդ կամ բնութեան ստեղծած հրաշալիքներ, այլ նաեւ նոր ժամանակներու մարդակերտ մշակութային թանգարաններ ու գրադարաններԱյս մէկը կը հաստատէ մեր ժողովուրդին ակնածանքն ու կապուածութիւնը իր դարաւոր մշակոյթին:

Մեզի համար հարց էր, թէ մերօրեայ զբօսաշրջիկը ո՛ւր կ’այցելէ մեր երկիրը ճանչնալու համար: Թերեւս կարգ մը յայտնի տեսարժան վայրերու շարքին՝  հանրատունե՞ր, քազինօ՞, սրճարաննե՞ր…:

«Զարթօնք» իր «Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ» շարքով նպատակ ունեցաւ առաջարկել եւ մղել, որ Հայաստան այցելող հայորդիները երթան մշակութային եւ արուեստի կեդրոններ՝ թանգարաններ ու գրադարաններ եւս, մանաւանդ որ Սփիւռքի պայմաններուն մէջ մեր ստացած Հայ մշակութային գիտելիքը խեղճ է, ու բացասաբար կազդէ մեր հպարտութեան եւ նաեւ ինքնութեան գիտակցութեան վրայ:

«Զարթօնք»-ի այս շարքով համեստ փորձ մը ըրինք եւ պիտի շարունակենք ընել՝ Հայ զբօսաշրջիկը մղելու դէպի Հայ մշակոյթի գանձարաններ, սատարելու իւրաքանչիւր հայորդիի ազգային գիտելիքի ամրապնդումին, վերահաստատումին ու վերաորակաւորման: Մղելու մեր ընթերցողները առօրեական եւ կենցաղային մշակոյթէն դէպի հիմնարար մշակոյթ, ոչ թէ անցնիլ այլ ասոր ալ տեղ տալ…:

25 Յուլիս 2017-էն ի վեր ամէն Երեքշաբթի «Զարթօնք»-ի մէջ տեղ  գտաւ հարցազրոյց մը Հայաստանի Մշակութային Գանձարաններէն մէկուն տնօրէնին հետ՝ այսօր հասնելով իր 25-րդ հարցազրոյցին:

Այս առիթով մենք ատենին կոչ ուղղեցինք նաեւ մեր վարժարաններու հայագիտական նիւթերու ուսուցիչներուն օգտագործել հոս տեղ գտած տեղեկութիւնները՝ այժմէականացնելով հայագիտական դասաւանդութիւնը…: Այս առիթով մեր կոչը դարձեալ կը կրկնենք՝ միշտ յուսալով, որ ան կ’ունենայ լսող ականջներ:

Շարքին մէջ տեղ գտած Հայ մշակոյթի անդաստանները իրենց կարեւորութեան շարքով կամ մեծութեան չափանիշով չէ որ հրատարակուեցան կամ պիտի շարունակեն հրատարակուիլ: Անոնց յաջորդականութիւնը հիմնուած եղաւ զուտ գործնական եւ հասանելիութեան հիմքերու վրայ:

Ստորեւ կու տանք ցարդ մեր կատարած «Պտոյտներուն» մատենագիտութիւնը՝ հաստատելով, որ մեր պտոյտները պիտի շարունակուին:

Խմբ.

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ

Ա. – Չարենցի Անուան Գրականութեան Եւ Արուեստի Թանգարան – «Զարթօնք» 25.07.2017

Բ. Ապրինք Բնութեան Մէջ, Զգանք Բնութիւնը. Հայաստանի Բնութեան Պետական Թանգարանը – «Զարթօնք» 01.08.2017

Գ. Մերժուած Հանճարը. Սերկէյ Փարաջանով –  «Զարթօնք» 08.08.2017

Դ. Գիրքերու Աշխարհը – Տիեզերք Է Անեզր. Հայաստանի Ազգային Գրադարանի Տնօրէնին Հետ – «Զարթօնք» 15.08.2017

Ե. – Գրադարանին Մէջ Պատմութիւն Կ’ապրի. Աւետիք Իսահակեանի Անուան Կեդրոնական Գրադարանի Տնօրէնին Հետ – «Զարթօնք» 22.08.2017

Զ. – Արուեստը Վարժապետի Դասաւանդութիւն Չէ, Այլ Իմաստունի Թելադրանք. Երեւանի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանին Մէջ – «Զարթօնք» 29.08.2017

Է. – Մեռածները Կը Մնան Երիտասարդ. Եղիշէ Չարենցի Տուն-Թանգարան – «Զարթօնք» 05.09.2017

Ը. – Տաղանդաոր Հայը. Արամ Խաչատուրեան Տուն-Թանգարան- «Զարթօնք» 12.09.2017

Թ. – Թումանեանը Մարդ Պետութիւն Էր. Յովհաննէս Թումանեանի Տուն-Թանգարան – «Զարթօնք» 19.09.2017

Ժ. – Ազգային Զարթօնքի Ռահվիրայ Երուանդ Քոչարի Թանգարան – «Զարթօնք» 26.09.2017

ԺԱ – Գոյնի Վարպետը – Մարտիրոս Սարեանի Տուն-Թանգարան – «Զարթօնք» 03.10.2017

ԺԲ – Փառաւոր Աւանդներու Օրինաւոր Ժառանգը – Աւետիք Իսահակեանի Տուն-Թանգարան – «Զարթօնք» 10.10.2017

ԺԳ – Բացառիկ Են Բացառութիւնները – Դերենիկ Դեմիրճեանի Տուն-Թանգարան – «Զարթօնք» 17.10.2017

ԺԴ – Յաւերժ Երիտասարդ Երեւան Քաղաքի Պատմութեան Թանգարան – «Զարթօնք» 24.10.2017

ԺԵ – Կեանքը Փայտի Մէջ. Փայտարուեստի Թանգարան – «Զարթօնք» 31.10.2017

ԺԶ – Ա՛յն, Ինչ Որ Ան Ձգեց Մեզի, Անմահ Է… Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Տուն-Թանգարան – «Զարթօնք» 07.11.2017

ԺԷ – Հանճարեղ Ժողովուրդի Զաւակ Սիլվա Կապուտիկեանի Տուն-Թանգարան – – «Զարթօնք» 14.11.2017

ԺԸ – «Յարութիւն Կալենցի Արուեստանոցը Դարձաւ Իմ Իտալիան» Կալենցի Թանգարանին Մէջ – «Զարթօնք» 21.11.2017

ԺԹ – Սփիւռքը Նոյն Հայաստանն Է… Յովհաննէս Շարամպէյեանի Անուան Ժողովրդական Ստեղծագործութեան Կեդրոն – «Զարթօնք» 28.11.2017

Ի – Էրեբունի. Այստեղէն Կը Սկսի Երեւանը <<Էրեբունի>> Պատմահնագիտական Արգելոց-Թանգարան – «Զարթօնք» 05.12.2017

ԻԱ– Մէկ Ազգի Պահողը, Իրար Միացնողը Լեզուն Է Ու Հաւատքը. Խաչատուր Աբովեանի Տուն-Թանգարան – «Զարթօնք» 12.12.2017

ԻԲ – Հայրենիքի Հանդէպ Պարտականութիւնը Մարդու Սրբութիւնն Է… Արա Սարգսեան Յակոբ Կոջոյեան Տուն-Թանգարան – «Զարթօնք» 19.12.2017

ԻԳ – Թախծոտ Գոյներու Քնարերգուն Գէորգ Գրիգորեանի (Ճոտտոյի) Արուեստանոց-Թանգարան – «Զարթօնք» 9.01.2018

ԻԴ – Հարիւր Տարուան Երթեւեկութիւն. Երկաթուղիի Թանգարան – «Զարթօնք» 16.01.2018

Միասին պիտի շարունակենք մեր պտոյտները:
«Խմբ.»

 

*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Երանի է ձեզ, որ չէք հասկանում,
Թէ մարդիկ ինչու ինչեր են անում,
Երանի ձեզ, որ մարդու չէք զրկում,
Եւ ոչ ձեզ հասած հարուածն էք զգում.
Երանի ձեզ, որ ոչինչ չըգիտէք,
Որ հոգով անդորր, սրտով հանգիստ էք:

Յովհաննէս Թումանեան

Մարդկութեան պատմութեան ընթացքին տիկնիկը մշտապէս խորհրդաւոր եւ բազմանշանակ դերակատարութիւն ունեցած է: Ան ուղեկցած է մարդուն տարբեր կերպարանքներով, որ ցայսօր չէ կորսնցուցած իր նշանակութիւնը՝ կատարելով բազմատեսակ գործառոյթներ. ծիսական, պաշտամունքային, կենցաղային, կրթա-դաստիարակչական, գեղագիտական եւ նոյնիսկ բուժիչ (տիկնիկային ներքին հիւանդութիւններու բուժում հոգեբանութեան մէջ), իսկ հեղինակային տիկնիկներու պարագային անոնք ձեռք կը բերեն արուեստի ստեղծագործութեան կարգավիճակ: Կիրառական արուեստի այս նմոյշները յաճախ քանդակի նշանակութիւն կը ստանան, յաճախ ալ՝ կը ծառայեն որպէս զարդարանք: Հայկական մշակոյթի ամենագեղեցիկ, խորհրդանշական եւ խորհրդաւոր արժէքներէն են հայոց ծիսական տիկնիկները: Անոնց կերպարներուն եւ գործառոյթներուն մէջ առաւել խօսուն ձեւով խտացուած ու մարմնաւորուած է ժողովուրդի անյատակ մտածողութիւնը: Յատուկ ծէսերով եւ հմայական բանաձեւերով ուղեկցուած են տիկնիկի խորհրդանշական ծնունդն ու մահը: Ժողովուրդը զանոնք օժտած է մոգական ուժով, չարը խափանող, վտանգէն ու չարէն զերծ պահող յատկութիւններով: Տիկնիկներու միջոցով ձգտած են ապահովել բերք ու բարիքի առատութիւնը, պտղաբերութիւնը, արգասաբերութիւնը, ընտանեկան եւ անձնական յաջողութիւնները:

Հայաստանի մէջ հետազօտութիւններու ժամանակ յայտնաբերուած են բազմաթիւ մարդակերպ եւ կենդանակերպ տիկնիկներ, որոնք դարեր շարունակ օգտագործուած են ծիսական արարողութիւններու ընթացքին: Այսօր մեր մէջ քիչ թէ շատ յայտնի տիկնիկը Նուրի տիկնիկն է եւ անոր ուղեկցող ծէսը: Խորքին մէջ մեր ժողովուրդը ունեցած է բազմաթիւ այլ տիկնիկներ, որոնք ժամանակին զուգահեռ դուրս մղուած են մեր կենցաղէն, քանի որ մոռացութեան մատնուած են ծիսական տիկնիկին ուղեկցող հաւատալիքները եւ ծիսական արարողութիւնները:

Սովորաբար տիկնիկ պատրաստած են կանայք՝ օգտագործելով տարբեր նիւթեր` հիմնականը փայտ, թելեր, կաւ, մետաղ, կաշի, կենդանիի մաշկ, մազ, խմոր:

Եթէ կ’ուզէք բացայայտել հայկական ծիսական տիկնիկներու գաղտնիքը, ապա շտապեցէք Տիկնիկներու պատկերասրահ:

Աշխարհի տարբեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դրացի երկիրներուն մէջ արդէն շատոնց սկսած են գործել տիկնիկներու կամ խաղալիքներու թանգարաններ, ուր կը պահուին ամենահին ծիսական տիկնիկներէն մինչեւ ժամանակակից՝ գործարանային արտադրութեան կամ հեղինակային տիկնիկներ: Ռուսաստանի մէջ կը գործեն տիկնիկներու աւելի քան 70 պետական եւ մասնաւոր թանգարաններ: 1918 թուականին Մոսկուայի մէջ բացուած է խաղալիքներու առաջին պետական թանգարանը: Վրաստանի Թիֆլիս քաղաքին մէջ տիկնիկներու թանգարան հիմնադրուած է տակաւին 1937 թուականին: Պաքուի մէջ կը գործէ տիկնիկային վարպետութեան պատկերասրահը, որ միակն է ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Ընդհանուր առմամբ, աշխարհի վրայ կը գործեն տիկնիկներու եւ խաղալիքներու 1000-էն աւելի թանգարաններ եւ պարբերաբար կը կազմակերպուին տիկնիկներու միջազգային ցուցահանդէսներ: Շարք մը երկիրներու մէջ արդէն նախապէս կը գործէին տիկնիկներու կամ խաղալիքներու թանգարաններ, իսկ Հայաստանի մէջ այդ տիպի թանգարան չէր գործեր, բայց ահա արդէն մէկ տարի եղաւ, որ Երեւանի մէջ կը գործէ տիկնիկներու փոքրիկ տունը, այսուհետ նոր հասցէին վրայ:

Առաջին հեղինակային տիկնիկը պատրաստուած է 1881 թուականին Ֆրանսայի մէջ: Հայաստանի մէջ տիկնիկագործութիւնը սկսած է զարգանալ 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն: Երեւանի «Տիկնիկներու պատկերասրահ»-ը բացուած է 2017 թուականի Մարտ ամիսը մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: Թանգարանի այցելուներու թիւը կը գերազանցէ 6000-ը: Պատկերասրահը բացուած է պետութեան եւ սեփական մարզի համագործակցութեամբ։ Պատկերասրահը ունի երկու սրահ։ Սրահներէն մէկը յատկացուած է միայն հայկական ծիսական, աւանդական տիկնիկներուն համար, մինչ երկրորդի տիկնիկները աւելի բազմաոճ են։

Պատկերասրահի ցուցադրութեան ժամանակ ներկայացուած է շուրջ 250-300 տիկնիկ՝ հայ տիկնիկագործի եզակի ու անկրկնելի ձեռքի աշխատանքը։ Հոս կարելի է տեսնել Մհեր ՄկրտչեանիԳալիա ՆովենցիԵրուանդ ՂազանչեանիՎլատիմիր ՓութինիՇառլ ԱզնաւուրիՅովհաննէս Պօղոս Երկրորդ Պապի եւ այլ յայտնի անձնաւորութիւններու կերպարներով ստեղծուած տիկնիկներ։ Հաւաքածոյին մաս կը կազմէ ամերիկաբնակ Ալիս Նաւասարդեանի՝ շուրջ 200 տիկնիկներէ կազմուած արժէքաւոր հաւաքածոն։ Պատկերասրահին մէջ ներկայացուած տիկնիկները կերպարներ են, որոնք ունին իրենց պատմութիւնը: <<Զարթօնքի>> հետ զրոյցի ընթացքին պատկերասրահի տնօրէն Սթելլա Սարգսեանը ներկայացուց պատկերասրահի ստեղծման պատմութիւնը:

«Զ.» -Սթելլա, կ’ըսէ՞ք՝ ի՛նչպէս յղացուած է տիկնիկներու պատկերասրահ բանալու գաղափարը: Ի՞նչ պատմութիւն ունի պատկերասրահը:

«Ս.Ս.» – Հայաստանի մէջ տիկնիկներու պատկերասրահ բացուած է 2017 թուականի Մարտ 28-ին: Սկիզբը պատկերասրահը տեղակայուած էր Երեւանի Աբովեան փողոցի այն շէնքին մէջ, ուր ապրած է Յովհաննէս Թումանեան, բայց այսուհետ թանգարանը կը գործէ Թումանեան փողոցին վրայ, որովհետեւ նոր սրահը աւելի ընդարձակ է, յարմար է երեխաներուն համար: Պատկերասրահ ունենալու միտքը յղացած է Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, այնուհետեւ քննարկումներէն ետք որոշեցինք բանալ Հայաստանի մէջ տիկնիկներու մինչ այդ միակ պատկերասրահը: Պատկերասրահին մէջ ներկայացուած են հայ շնորհալի տիկնիկագործներու աշխատանքներ, որոնք տակաւին ներկայացուած չէին որեւէ թանգարանի ու պատկերասրահի մէջ: Մարզերու բնակիչներու համար ալ պիտի նախապատրաստենք շրջիկ ցուցադրութիւններ, զորս պիտի իրականացնենք ամրան ամիսներուն: Մտադրութիւն ունինք ցուցադրութեամբ Կիւմրի երթալու, յետագային նաեւ Թիֆլիս:  
Ցաւօք սրտի, Հայաստանի մէջ միչեւ այսօր տիկնիկագործները աշխատած են անհատական ձեւով, իւրաքանչիւր տիկնիկագործ իր հաւաքածոն անձամբ ներկայացուցած է Հայաստան կամ արտերկիր, շատ քիչ ցուցահանդէսներու մասնակցած են, բայց այսօր պատկերասրահի բուն նպատակը այն է, որ միախումբի բոլոր տիկնիկագործները համախմբուած ներկայացնեն հայկական տիկնիկագործութիւնը ինչպէս Հայաստան, նոյնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս:

«Զ.» – Որքա՞ն է պատկերասրահի հաւաքածոն: Քանի՞ սրահներու մէջ ներկայացուած է:

«Ս.Ս.» – Պատկերասրահի ցուցադրութեան ներկայացուած է շուրջ 250-300 տիկնիկ՝ հայ տիկնիկագործի եզակի ու անկրկնելի ձեռքի աշխատանքը։ Հոս կարելի է տեսնել Մհեր Մկրտչեանի, Գալիա Նովենցի, Երուանդ Ղազանչեանի, Վլատիմիր Փութինի, Շառլ Ազնաւուրի, Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդ Պապի եւ այլ յայտնի անձնաւորութիւններու կերպարներով ստեղծուած տիկնիկներ։ Հաւաքածոյին մաս կը կազմէ ամերիկաբնակ Ալիս Նաւասարդեանի՝ շուրջ 200 տիկնիկներէ կազմուած արժէքաւոր հաւաքածոն: Ան իր կեանքի ընթացքին հաւաքած է տարբեր ժամանակաշրջանի տիկնիկներ եւ որոշած է զանոնք նուիրել Հայաստանին եւ այդպէս Մշակոյթի նախարարութեան միջոցով այդ հաւաքածոն ներկայացուած է մեր պատկերասրահին մէջ: Պատկերասրահէն ներս ներկայացուած տիկնիկները կերպարներ են, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր պատմութիւնը ունի: Պատկերասրահը մեծ մասամբ բաղկացած է երկու սրահներէ: Առաջին սրահին մէջ ներկայացուած են հայկական ծիսական տիկնիկները: Տիկնիկներու միջոցով մենք  փորձած ենք վերարտադրել գրեթէ բոլոր հայկական ծէսերը եւ կը ներկայացնենք այնպիսի պատմութիւն, որ, կարելի է ըսել, ժամանակի ընթացքին մոռացութեան մատնուած է: Երկրորդ սրահէն ներս ներկայացուած են եւրոպական`բոլոր ազգերու տիկնիկները: Կը նախատեսենք նաեւ պզտիկ սրահ մը ստեղծել որպէս Փարաջանովի յատուկ անկիւն, իսկ ներքեւի յարկը իբրեւ մանկական ինթըրաքթիւ կեդրոն, որպէսզի երեխաները պատրաստեն ու նկարեն տիկնիներ եւ սորվին մանրակրկիտ տիկնիկ պատրաստելու արուեստը:

«Զ.» – Ի՞նչ կրթական ծրագիրներ կ’իրականացուին պատկերասրահին մէջ: Ի՞նչ կը սորվին երեխաները՝ պատկերասրահ այցելելով:

«Ս.Ս.» – Ահա կ’իրականացնենք «եօթը քար» կոչուող կրթական ծրագիրը, որ կը վերաբերի ծիսական տիկնիկներու սրահին: Այս ծրագիրի շնորհիւ խաղի միջոցով դպրոցահասակ երեխաները կը ծանօթանան մեր հին հայկական ծիսական տիկնիկներուն եւ ծէսերուն: Իւրայատուկ նշանակութիւն ունէին խմորէ պատրաստուած տիկնիկները` Ասիլիկ-Վասիլիկները (այլ անուանումները` Ասիլ- Վասիլ, Ասիլ-Բասիլ, Վասիլիկ, Տիկին, Խրձիկ եւ այլն): Ծիսական այս տիկնիկները կը թխուէին Ամանորի նախօրեակին`գալիք տարուան ուղղուած գուշակութիւններ ընելու եւ բարիք ապահովելու նպատակով: Ասիլիկ-Վասիլիկներու թխմամբ կարծես կ’աւարտէր տօնի ամենակարեւոր բաղադրիչի` ծիսական Տարեհացի պատրաստումը: Ասիլիկ-Վասիլիկները տարբեր կերպարանք կը ստանային, նայած թէ որո՞ւն կամ ի՞նչ նպատակի համար էին այդ գուշակութիւնները տիկնիկի միջոցով: Վասիլիկները կրնային ըլլալ մարդու, կենդանիի կամ քսակի տեսքով: Ծիսական  Տարեհացի (Կրկենի, Դովլատ   Կրկենի, Կլոճ, Փուռնիկ եւ այլն) խմորէն կտոր մը կ’առնէին, անոր կու տային համապատասխան տեսքը`զայն զարդարելով չամիչով, ընկոյզով եւ շաղախելով հաւկիթով, որպէսզի գեղեցիկ ըլլան: Թխելու ժամանակ տիկնիկի ձեռքերը կը խաչէին անոր կրծքին: Այսպէս, հարսանիքի ժամանակ հարսը կը խաչէ ձեռքերը կամ թաղման ժամանակ հանգուցեալի ձեռքերը կը խաչեն: Իգական սեռի տիկնիկներուն գլխու յարդարանք կը սարքէին եւ երկար շոր` դարձեալ խմորէ պատրաստուած: Տղամարդկանց եւ պատանիներուն համար եւս կը պատրաստէին Վասիլիկներ: Արական սեռի տիկնիները պէտք է պարտադիր գօտի եւ արական խորհրդանիշ ունենային: Երբեմն կը պատրաստէին նաեւ նորածինի տեսքով Վասիլիկներ: Գուշակութիւն կ’ընէին, ըստ տիկնիկի փքուելու աստիճանի`եթէ փքուէր, յաջողութեան նշան էր, եթէ սմքէր` հակառակը: Օրինակ՝ եթէ կին Վասիլիկի թխման ընթացքին տիկնիկի փորի մասը ուռչէր, ապա գալիք տարին տունը երեխայ կը ծնէր: Բազմաթիւ էին Վասիլիկներու հետ կապուած հաւատալիքները: Թխելէ ետք երբեմն անոնց կը բաժնէին: Առանձին շրջաններու մէջ կային Վասիլիկներ ուտելու առանձին օրեր` Զատիկի երեկոյեան:

«Զ.» – Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ: Ի՞նչպէս կ’իրականացուին զբօսարշաւները:

«Ս.Ս.» – Սփիւռքի հետ մեր մեծ համագործակցութիւնը, ինչպէս նշեցի, ամերիկաբնակ բարերար Ալիս Նաւասարդեանի հետ ունեցած մեր համագործակցութիւնն էր: Ան պատկերասրահին նուիրած է շուրջ 270 տիկնիկներէ կազմուած արժէքաւոր հաւաքածոն: Մենք համագործակցած ենք նաեւ սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ համագործակցութեան ընթացքին պատկերասրահին մէջ ներկայացուած են Արմէն Յովհաննիսեանի տիկնիկները, որ վրացահայ է եւ իր աշխատաքները ցուցահանդէսի տեսքով մօտ տասը օր ներկայացուեցան պատկերասրահին մէջ: Սփիւռքի հետ համագործակցութիւնը այսքանով պիտի չսահմանափակուի՝ հաշուի առնելով, որ մենք բազմաթիւ ծրագիրներ ունինք, զորս կ’իրականացնենք արդէն մեր նոր սրահներէն ներս:

Զբօսարշաւները երկու հատ են, մէկը, ինչպէս ըսի, կրթական ծրագիրն է՝ խաղի միջոցով, միւսն ալ սովորական շրջայցն է պատկերասրահին մէջ: Մուտքավճարը նախադպրոցական երեխաներու համար անվճար է, դպրոցականներու համար 500 դրամ, մեծահասակներու համար 1500 դրամ: Մէկ զբօսարշաւը 1500 դրամ է, իսկ կրթական ծրագրի մասնակցութիւնը 2500 դրամ, որուն հետ կը տրամադրուի նաեւ վկայագիր կրթական ծրագրին մասնակցելու վերաբերեալ: Կը մասնակցինք նաեւ թանգարանային գիշեր ծրագիրին եւ կրնամ ըսել, որ 2017 թուականի ցուցանիշներով տիկնիկներու պատկերասրահը այցելութիւններու թիւով բարձր ցուցանիշ ունեցած է:

«Զ.» – Տիկնիկներու թանգարանը արդէն իր հիւրընկալ դռները բացած է նոր հասցէին վրայ, ուստի եթէ զարմանալու եւ հետաքրքրական օր անցընելու ցանկութիւն ունիք, ապա կրնաք այցելել երեւանեան նորաբաց այս թանգարանը: Թանգարանը բաց է ամէն օր ժամը 11:00-էն մինչեւ 20:00, հասցէ՝ Թումանեան 11: Հեռ. +37477730005 – ելհասցէ ` stella1989@mail.ru

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին