ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ԻԵ․)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՄԽԱ․
Մենք ամենազօր պետութիւն ենք եւ միայն մեր ուզած ատենը կրնաք տօնել ձեր տօները։ Ձեր տօները միայն մեր հրամանին կ’ենթարկուին։ Մէկ շաբաթ առաջ, մէկ շաբաթ վերջ՝ որոշումը մեզի կը մնայ։

ՄԽԲ․
Արցախցին արեւմտահայերէնով, Աստուած չգիտնայ միայն՝ ի՛նչ արեւմտահայերէնով, յօդուած կը թխէ, գործի համար, գործ կ’աշխատի, իսկ դուք մի՛ սորվիք սա լեզուն։

ՄԽԳ․
Մենք բոլոր հանքերը յանձնած էինք արդէն, բայց այս վերջինին յանձնուելուն դէմ ենք, որովհետեւ մենք շահաբաժին չունինք։ Ուրեմն պէտք է պայքարինք մինչեւ վերջ։

ՄԽԴ․
Ես մեր միաբանութեան մակարդակը այնքան իջեցուցի, որ մէջերնին գրաբար դասաւանդող մը չի գտնուիր այլեւս, հիմա գրաբարի ուսուցիչները Ափրիկէէն եւ Նոր Զելանտայէն կը բերենք։ Ի միջի այլոց ըսեմ, որ գրաբարը մեր ծիսական լեզուն է, որ ամէն օր կը կարդացուի ու կ’երգուի մեր վանքերուն մէջ։ Զիս ալ կրնաք պատմութեան մէջ իբրեւ մեծ բարեկարգիչ անուանել։

ՄԽԵ․
«Մենք սուրբ Աւետարանի քարոզիչներ ենք ու մեր պատգամը կրնայ վերաբերիլ միայն սիրոյ ու մեր ժողովուրդի միասնականութենէն ճառագայթելիք լոյսին»։ Արդեօք ովքե՞ր են, ինծի ծանօթ չեն։ Ասկէ լա՞ւ հանելուկ։

ՄԽԶ․
Եկո՛ւր, քեզի քիչ մը դրամ տամ, գնա՛, արեւմտահայերէն խօսի՛ր, երբեմն ալ դիմատետրի վրայ երկու-երեք բառ դի՛ր քով քովի, վրայ վրայի, տակ տակի։ Հաւաքական դաստիարակութեան կը նպաստես, նոյնիսկ եթէ ըրածիդ չես հաւատար կամ ծիծաղելի կը գտնես դաստիարակութիւն-մաստիարակութիւն ըսածս։

ՄԽԷ․
Մարդիկը Մուսա Տաղի գիւղերէն գաղթած, եկած են, սակայն կ’ուզեն վերադառնալ… Մուշ ու Վան, այդպէս կ’երգեն իրենց անպաշտօն քայլերգին մէջ։ Գիտէինք, որ կողմնորոշուելու դժուարութիւն ունին, բայց ասքա՞ն։ Կամ ալ կը կարծեն, թէ ամէն տեղ պարապ է եւ մարդիկ գրկաբաց իրենց կը սպասեն։

ՄԽԸ․
Զիս «ազգընտիր» կը կոչեն, որովհետեւ իբր թէ ազգը զիս աս գահուն համար ընտրած է։ Բայց մի՛ հաւատաք։ Իրականութիւնը այն է, որ ազգին կուտը-պակաս ներկայացուցիչները հաւաքուած եւ զիս աս աթոռին իբրեւ գահակալ նշանակած են։ Կուտը-ամբողջ եղողները արդէն ներկայացուցիչ չեն կրնար ըլլալ։ Գիտէք այդ մէկը։ Ես ալ չորս ոտքով վազած եմ եւ աթոռին վրայ նստած։ Եւ՝ ազգընտիր եղած։

ՄԽԹ․
Մենք քառասուն տարուայ հայ թերթ ենք։ Քառասնամեակ ալ կը տօնենք։ Քառասուն տարուան մէջ մէկ հատ հայ գրող չենք պատրաստած մեր թերթին մէջ։ Ով որ ինքզինք պատրաստած է, նաեւ մեր թերթին մէջ երբեմն գրելով, ատիկա ի՛ր հարցն է, մեզի հետ կապ չունի։ Մեր նպատակը չէ եղած գրող պատրաստել։ Մեր նպատակը յատկապէս հաչան շուն խմորելու մէջ կը կայանայ։

ՄԾ․
Դուք հանդիպա՞ծ էք հայ կուսակցականի մը, որ խելքը գլուխը ըլլայ։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

Leave a comment