Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԺԳ.

Մէկ անասուն, որ բարեփոխեց աշխարհը, երբ մարդը կրցաւ անոր արագութիւնը, կորովը եւ զօրութիւնը լուծի տակ առնել, սանձել, ձին է, որուն շնորհիւ կրցաւ ապրանք եւ աւար փոխադրել, որսը հալածել, հեռաւոր վայրեր ճամբորդել, թշնամիին արագ հարուածել ու փախչիլ եւ այլն:

Այդ առաջին միջոցն էր, որ ցամաքի վրայ մարդուն շնորհեց իր ոտքերուն կարողութենէն աւելի արագ եւ հեռաւոր վայրեր ճամբորդել` առանց յոգնելու: Մինչ սովորական մարդը, միջին հաշուով, առաւելագոյնը ժամական 45 քմ արագութեամբ կրնայ վազել եւ միայն շուրջ կէս ժամ` առանց դադարի (բացառութիւն է ամերիկացի մարաթոնեան մարզիկ Տին Քառնազեսը, որ 2005-ին անդադար վազած է 560 քմ` 80 ժամ եւ 44 վայրկեանէն, առանց քնանալու (1) ). այժմու հեծեալով ձին կրնայ 8 ժամէն շուրջ 50 քմ քալել` առանց դադարի, իսկ մարզուած հեծեալ ձին, շատ կարճ ժամանակի համար` շուրջ կէս վայրկեան, կրնայ առաւելագոյնը ժամական շուրջ 80 քմ արագութեամբ վազել` քառասմբակ: Ընդոստ` (trot) կրնայ շուրջ մէկ ժամ վազել ժամական 25-40 քմ արագութեամբ:

1. Բեռնակիր ձիեր` լեռնային փոխադրութիւն: 2. Անիւին զարգացումը:

Երկրորդ, իբրեւ բեռնակիր` միջին մարդը մէկ վայրէն միւսը կրնայ շուրջ 25 քկ տեղափոխել դադարներով, իսկ ձին` շուրջ 100-140 քկ, 8 ժամ, առանց դադարի: Սակայն երկու անիւով սայլով այժմու միջին ձին կրնայ իր ծանրութեան` 380-1000 քկ կրկնապատիկը ծանրութեամբ ապրանք տեղափոխել, այսինքն` 800-2000 քկ: Իսկ երկու ձիով սայլերը` մէկ ձիուն կարողութեան եռապատիկ ծանրութեամբ ապրանք կրնան տեղափոխել, շուրջ 2400-6000 քկ (2): Ահա այստեղ կը յայտնուի ցարդ մարդկային պատմութեան կարեւորագոյն գիւտը համարուող անիւը, որ ՔԱ շուրջ 3500-ին, կ՛ըսուի, թէ Միջագետքի մէջ հնարուեցաւ: Հաւանաբար հնարուած է նախ իբրեւ բրուտին օժանդակող առանցքի շուրջ դարձող կլոր սեղան, հունտեր աղալու քար` աղօրիք ու, վերջապէս, սայլի անիւ եւ այլն:

Ուրեմն, այն հաւաքականութիւնը, որ կրցաւ ձիերը ընտելացնել, գործի լծել, հեծնել եւ սայլի, մարտակառքի կապել, մեծ առաւելութիւն ունեցաւ ուրիշներէն` ռազմական յաղթանակներով եւ առեւտուրով` տնտեսութեամբ: Պեղումներով եւ արձանագրութիւններով փաստուեցաւ, որ Հայաստան լեռնաշխարհը ՔԱ 5-4-րդ հազարամեակէն սկսեալ բոլոր հնարաւորութիւնները ունէր` ձիու ընտելացում, փայտի յարմար ծառեր, ատաղձագործութիւն, մետաղագործութիւն,  պրոնզէ գործիքներ, կացիններ եւ հնարամտութիւն` այս մարզին մէջ  դառնալու ամենահինը` առաջատարը:

3. Հերոս-արքայի դիմաքանդակ, Վերին Նաւեր, դամբարան IB, ՔԱ 16-15 դար, կուպր եւ ոսկի, 4. Նոյնին վերականգնուածը ոսկիէ եւ պրոնզէ , 5. Ռազմական կացինի շեղբ, Քարաշամբ, ՔԱ 22-21-րդ դար, պրոնզ:

Շարունակելով մէջբերել ամերիկացի պատմագէտ եւ Վանտերպիլթ համալսարանի դասական հնադարեան ուսումնասիրութեան պատուակալ փրոֆէսօր Ռոպըրթ Տրիւզի (3), (որ հեղինակած է 8 պատմութեան գիրքեր, որոնցմէ են 1973-ին` «Արեւելեան պատմութեան յունական տեղեկագրութիւնը», 1988-ին` «Յոյներուն գալուստը. հնդեւրոպական տիրապետութիւնը Եգէականի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ», 1993-ին` «Պրոնզէ դարու աւարտը. պատերազմի մէջ փոփոխութիւններ եւ եղերական վախճանը ՔԱ շուրջ 1200-ին», 2001-ին` խմբագրած է «Մեծ Անատոլիան եւ հնդկա-խեթ (Indo-Hittite) լեզուներու ընտանիքը», 2004-ին` «Առաջին հեծեալները` հեծեալ պատերազմի սկզբնաւորութիւնը Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ» եւ 2017-ին` ««Ռազմականացում եւ Եւրոպայի հնդեւրոպականացումը») այս վերջին գիրքէն (4), ուր մարտակառքերու գիւտին մասին կը գրէ.

«Աւելի վստահ ապացոյցը մարտակառքերու գոյութեան Հարաւային Կովկասի մէջ, կու գայ Վերին Նաւերէն, որուն վրայ Յակոբ Սիմոնեան իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է (տես` յօդուածաշարքի Ը. մաս*): 2012-ին մասամբ կողոպտուած դիակիզումի մեծ դամբարանի մը պեղումը յայտնաբերեց առարկաներով հարուստ իրերու հետքերը, որոնց մէջ էին մարտակառքի մը անօրկանական մնացորդները: Սիմոնեան թաղման թուականը կը ճշդէ ուշ պրոնզէ դարու առաջին հատուածը` ՔԱ 1600-1400: Դամբարանը կը պարունակէր եգիպտական յախճապակիէ իրեր եւ ոսկիէ դիմակի մը կտորները, մարտակառքէն մնացած էր պրոնզէ միացման մասերը, գամերը եւ զարդերը, պրոնզէ օղակներ, որոնք պատկանած են մարտակառքին ամրացուած կաշիէ մեծ կապարճի մը, որուն մէջ դրուած պէտք էր ըլլային 62 նետեր, որոնց օպսիտէ, յասպիսէ եւ կայծքարէ շկահները մնացած են: Նետերուն թիւը մօտաւորապէս կը համապատասխանէ եգիպտական Նոր Թագաւորութեան մարտակառքերուն մէջ պահպանուած նետերու թիւին:

6. Հէյնրիխ Շլէյման եւ 7. Իր պեղած 4 շառաւիղէ անիւով մարտակառքի որսի տեսարանով ոսկիէ մատանին, ՔԱ 16-րդ դար, Միկենիա, Յունաստան:

«Ուրեմն հնագիտական ապացոյցները կը թելադրեն, որ ՔԱ 1500-ին պատերազմի ընթացքին մարտակառքեր օգտագործած են Հարաւային Կովկասի մէջ: Գրաւոր ապացոյցները աւելին կ՛ըսեն: Խեթ (հիթիթ) թագաւոր Հաթթուշիլի Ա.-ի տիրապետութեան ժամանակ (ՔԱ շուրջ 1640-1610), շարք մը մերձաւորարեւելեան իշխանաւորներ «Ումման մանտա» զօրագունդեր կը գործածէին: Հին Թագաւորութեան խեթ օրէնքներու 54-րդ հատուածը ուսումնասիրող (հնագէտ դասախօս*) Հուինք Քէյթ կը մեկնաբանէ, թէ մանտա զօրագունդերը պէտք էր մարտակառքով զօրագունդեր ըլլային: «Մանտա»-ն, ուրկէ անոնք եկան, կը վերաբերի Հաթթիի (Խեթերու երկիր, Սեբաստիոյ*) արեւելքը եւ Միջագետքի հիւսիսարեւելքը գտնուող լեռնային երկրի մը (Հայաստան*): Ուրեմն արդէն ՔԱ 1640-ին մարտակառքեր կը գործածուէին Հարաւային Կովկասի մէջ: Իմ կարծիքովս, ՔԱ 18-րդ դարուն արդէն այնտեղ մարտակառքեր կը գործածուէին, որոնց (ֆիզիքական*) ապացոյցը չունինք, բացի այն ինչ, որ կարելի է հետեւցնել ՔԱ 1740-ի առաջին խեթերէն «Աննիթա արձանագրութիւն»-էն»:

«… Այլ կարեւոր հաղորդակցութիւնը, կապը (լեզուի կողքին*) Հարաւային Կովկասի եւ Եգէականի (Յունաստան*) միջեւ` ներկայացումն է մարտակառքի մը վրայ երկու մարդոց` եղնիկ մը հալածելուն: Այդ հանրայայտ տեսարանը կ՛երեւի ոսկիէ մատանիի մը վրայ, որ պեղուած էր ուղղահայեաց մուտքով թիւ IV դամբարանին մէջ (յունական Միկենեան քաղաքակրթութեան Mycenaean ՔԱ 16-12 դարեր, մայրաքաղաք Միկէնի մէջ*): Նուազ հանրայայտ է նոյն տեսարանը` քանդակուած պրոնզէ մանրակերտերով, որ նախասիրուած էր Հարաւային Կովկասի մէջ եւ կը գործածուէր իբրեւ մարտակառքերու զարդ, կը նշէ Սթիուըրտ Փիկոթթ (անգլիացի հնագէտ 1910-1996*): Երեք այսպիսի պրոնզէ քանդակներ պեղուեցան Լճաշէնի մէջ եւ չորրորդը` Լոռի բերդի մէջ (Ստեփանաւանի մօտ*), երկու վայրերը Հայաստանի մէջ, ՔԱ շուրջ 14-րդ դարու դամբարաններէ: Երբ Փիկոթթ իր գիրքը գրեց, այս քանդակներուն միայն խեղճ լուսանկարները ձեռնտու էին, սակայն Մարիա Փոկրեպաւա հրապարակեց լաւորակ գծագրութիւնները այս չորսին»: Այժմ ստորեւ կը ներկայացնենք ատոնց լուսանկարները:

1. Մարտակառքի 4 պրոնզէ քանդակներէն երեքը. առաջինը` մէկ ձիով, ՔԱ 15-14 դար Լճաշէն (Լոռի բերդի մարտակառքի լուսանկարը` ԺԱ. Մասին մէջ դրուած էր):

Հնագէտ Մարիա Փոկրեպաւա «Օքսֆորտ ճըռնըլ աւ Արքէոլոճի»-ի 2003-ի 22(4) թիւին մէջ հրապարակած է «Մարտակառքերու ծագումը եւ ձիավարութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ» (5) աշխատասիրութիւնը, որուն կ՛ակնարկէ Տրիւզ: Փոկրեպաւա, սակայն, կը խօսի 6 պրոնզէ մարտակառքերու արձանիկներու մասին, որոնց չորսը Հայաստանի մէջ եւ երկուքը` Վրաստանի հարաւ-արեւմուտքը, այսպէս. «Վեց պրոնզէ մարտակառքերու նախատիպերը, որոնք կրնան ապացոյցը նկատուիլ ատոնց ամենահին տարածումին, այժմ յայտնաբերուած են Անդրկովկասի մէջ: Անոնցմէ չորսը նոյն տեսակին կը պատկանին: Երեքը պեղուած են Լճաշէն գիւղի մօտակայ երեք դամբարաններէ, Սեւանայ լիճի հիւսիսարեւմտեան ափին, մինչ չորրորդը` Լոռի բերդի թիւ 7 դամբարանէն, Հայաստանի հիւսիս-արեւմուտքը: Երկու վայրերը կը պատկանին գրեթէ ժամանակակից եւ համազգի մշակոյթի միջավայրին» (6):

Վերեւ դրուած լուսանկարին տիրոջ մասին այս յօդուածաշարքի Զ. բաժինին մէջ գրած էինք. «Գերմանացի բազմամիլիոնատէր, արկածախնդիր, հնագէտ Հէյնրիխ Շլէյման (Heinrich Schliemann, 1822-1890), որ ծանօթ է իբրեւ հիմնադիրը այժմու հնագիտութեան եւ Տրովադայի (Troy) հնութիւնները գտնողը, գրած է. «ԱՄԲՈՂՋ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴԸ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԵՒ ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ` ԱՌԱՆՑ ԳԻՏԱԿՑԵԼՈՒ, ՈՐ ԱՅԴ ԵՐԿՈՒՔԸ ԻՐԵՆՑ ԿԱՐԳԻՆ ԳՈՅԱՑԱԾ ԵՆ ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵՆԷՆ»:

Երբ Շլէյման այս հաստատումը կատարեց, տակաւին չէր տեսած իր մահէն ետք Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած այս բոլոր հնագիտական եւ ամենահին քաղաքակրթութիւնը ըլլալու ապացոյցները (7)

25 յունուար 2020
Շար. 13

* Լուսաբանութիւնները իմս:

(1)  https://en.wikipedia.org/wiki/Dean_Karnazes
(2)  https://animalhow.com/horse-pull-capacity/
(3)  https://as.vanderbilt.edu/classics/bio/robert-drews
(4)  «Militarism and the Indo-Europeanizing of Europe», Robert Drews, Taylor & Francis Group, London, 2017, ISBN 1138282723, 9781138282728, 284 pages:
(5)  «The emergence of chariots and riding in the south Caucasus», Maria Pogrebova, Oxford Journal Of Archaeology,22(4) 397-409, Blackwell Publishing Ltd. Oxford, UK, 2003
(6)  https://www.google.com/search?client=firefox-b-d&q=maria+pogrebova
(7)  https://allinnet.info/interesting/armenia-the-homeland-of-the-sumerians/

«ԱԶԴԱԿ»

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started