Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ

Ատրպէյճանի մենատէրը, թրքաբարոյ խորամանկութեամբ, կ՚օրօրէ պետութիւնները իրաւական եւ խաղաղասիրական լոզունգներով, թէ Արցախը մաս կը կազմէ Ատրպէյճանի, հետեւաբար Արցախի բնակիչներն ալ լիիրաւ քաղաքացիներն են Ատրպէյճանի, ուստի կը վայելեն համապատասխան իրաւունքներ։

21րդ դարու այս նորելուկ բռնատէրը չ՚անդրադառնար, որ իր փորած փոսին մէջ ինք կ՚իյնայ, երբ նոյնինքն իր այդ «քաղաքացիները» կ՚որակէ «շուներ», «առնէտներ», «մարդակերպ արարածներ»։

Մինչեւ ե՞րբ աշխարհը կոյր, համր եւ խուլ պիտի ձեւանայ ի տես 250 օրերէ ի վեր շրջափակումի եւ ցեղասպանական փորձի ենթարկուած Արցախի ժողովուրդի տառապանքին, զրկուած ըլլալով գոյութեան ամենէն հիմնական տարրերէն։

Մինչեւ ե՞րբ աշխարհը պիտի լռէ վարձկան զինուորներու, թրքական եւ այլ երկիրներու դաշնակցութեամբ ձեռք բերուած յաջողութիւններով յղփացած բռնակալի անսանձ յայտարարութիւններուն դիմաց, որ ներկայ Հայաստանը կը կոչէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան», խախտելով միջազգային իրաւակարգը պատմական նուազագոյն տրամաբանութենէ զուրկ բարբանջանքներով։

Մինչեւ ե՞րբ աշխարհը պիտի համակերպի իր իսկ արձակած որոշումներուն եւ յայտարարութիւններուն ոտնակոխումին, ցեղասպաններու սեւ ոսկիի՝ քարիւղի սիրոյն։

Ժամն է, որ գերպետութիւններ արդարացնեն իրենց կոչումը եւ արժեւորեն իրենց հեղինակութիւնը։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ