ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (Ժ.)

Թրքախօսութիւնը լուրջ մտահոգութիւն էր բոլորի համար. պէտք էր անպայմանօրէն հայացնել այդ թրքախօս սերունդները, որովհետեւ լեզուի կողքին պիտի կորսնցնէին նաեւ ազգային զգացումը, աւանդութիւններն ու գրեթէ ամէն բան, որ աղերս ունէր հայկականութեան հետ:

Յայտնի գրող Է. Ակունի Խրիմեան Հայրիկի կենսագրութիւնը գրած ժամանակ հետեւեալ տողերը գրի կ՚առնէ. «Նա մտադրել էր այդ գեղեցիկ վանքում հիմնել դպրոց, հաւաքել այդ դպրոցը շրջակայ տաճկախօս եւ քրդախօս հայերի զաւակներին եւ դրանց միջոցով վերականգնեցնել ժողովրդի մէջ մոռացուած լեզուն, ու լուսաւորութիւն տարածել»: Տակաւին Խրիմեան կ՚ուզէր հիմնել տպարան, հիմնել թերթ, ունենալ հոգեւորականներ, որոնք եկեղեցիէն դուրս՝ ազգի զաւակներու կրթութեան հարցով զբաղէին: Ակունի կը ներկայացնէ, թէ այդ ժամանակաշրջանին մէջ կար համոզում մը, որ գրելն ու կարդալը յատուկ էր միայն եկեղեցականներուն. ժողովուրդը հեռու էր ուսումէն, որովհետեւ կը կարծէին միայն հողագործութիւն կատարելն է իրենց տրուած բաժինը: Անոնց գործը հաց շինելն էր, իսկ եկեղեցականներուն գործը գրել ու կարդալ:

Խրիմեան հայրիկ կ՚ուզէր պայքարիլ այս մտայնութեան ու թրքախօսութեան դէմ. թրքախօսութիւնը տարածուած էր նաեւ Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս. օրինակի համար, Երուանդ Լալայեան իր «Ջաւախք» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Ախալքալաքի գաւառի Բաւրա, Խուլգումա, Կարտիկամ եւ մասամբ Տուրս գիւղերի բնակիչները տաճկախօս կաթոլիկ հայ են»:

Խրիմեան Հայրիկի նման այլ եկեղեցական գործիչ մը կը ներկայացնէ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան. ան կը խօսի Պօղոս Պատրիարքի մասին, որուն «մեծ դիտումն էր Ս. Գրոց խրատներն ու խորհուրդները մատչելի ընել տաճկախօս ազգայիններու» (Ազգապատում, Գ. հատոր, 2351 գլ.): Աւելի տարօրինակը այն է, որ Մաղաքիա Օրմանեան իր աշխատութեան մէջ յաճախ կը գործածէ տաճկահայ եւ տաճկահայաստան տարբերակը:

Հետեւաբար վիճակը շատ աւելի վատ էր քան այսօր, որովհետեւ մենք այսօր այն վիճակին մէջ չենք՝ ինչ որ էին անցեալին, սակայն այս ընթացքով պատմութիւնը ինքզինք կրնայ կրկնել եւ ապագային կ՚ունենանք սերունդ մը՝ որ հայախօսէ աւելի օտարախօս դառնայ:

Անցնինք մեր բառերուն.-

ԼԳ.- ԽԱՊԱՐ

Այս բառը կը գտնենք թէ՛ հին գրաբարի մէջ եւ թէ՛ պոլսահայ շրջանի գրականութեան մէջ. այս ուսումնասիրութեան ընթացքին գուցէ ամենէն շատ գտնուած բառն է խապարը։

Առաջին հերթին կ՚ուզենք յիշել հին միջնադարեան բանաստեղծութիւն մը, որ յատուկ է անոր, որ մէկ տող հայերէն եւ մէկ տող թրքերէն ձեւով գրուած է. նման բանաստեղծութիւններ գրողներէն մէկն է օրինակ՝ Անդրէաս Արծկեցի։ Անոր «Տաղ գեղեցիկ եւ զարմանալի» բանաստեղծութեան մէջ կը կարդանք.

«Ամէն գարնան ծաղկունք բացուեր հաւասար,

Գուլում կէլմազ, նա կօնտարուր պիր խապար,»

Խապար բառը կը գործածէ նաեւ յայտնի առակագիր Վարդան Այգեկցի։ Խապար բառը կը գտնենք անոր «Նոյ եւ աւձ եւ ծիծառն» առակին մէջ, ուր առակագիրը կ՚ըսէ. «զի մարդոյն շլնեցն արիւն անուշ է եւ յորժամգայր խապար բերել...»:

Այս բառը կրնանք տեսնել Երուխանի «Ամիրային աղջիկը», Արփիարեանի «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ գրողներու մօտ:

Յովսէփ Մալէզեան խապար բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել լուր բառը:

ԼԴ.- ԽԱՍԱՊ / ԳԱՍԱՊ

Էսնաֆի եւ այլ բառերու նման այս բառը եւս որպէս ածական գործածուած է պոլսահայ շրջանակներու մէջ, մանաւանդ նկատի ունենալով որ անցեալին մարդիկ կը ճանչցուէին իրենց արհեստով՝ քան մականունով: Օրինակի համար, Յակոբ Թէրզեան իր «Ատանայի կեանքը» աշխատութեան մէջ կը յիշէ Գասապ Միսաք անունով հայ մը, որ անմեղ ըլլալով հանդերձ կախաղանի կ՚արժանանայ եւ կը նահատակուի եւ անոր յիշատակութիւնը կ՚ընէ նաեւ Զապէլ Եսայեան, իր «Աւերակներուն մէջ» աշխատութեան մէջ:

Յակոբ Օշական եւս կը յիշէ Գասապ Կարապետ մը: Այս տրուող ածականներն են, որ ապագային վերածուած են մականուններու՝ ստանալով Գասապեան ձեւը:

Յովսէփ Մալէզեան խասապ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ մսագործ բառը:

ԼԵ.- ԽԱՐԻՊ / ՂԱՐԻՊ

Մինչեւ օրս երգուող հայերէն երգերուն մէջ ո՞վ երբեւէ հանդիպած չէ ղարիպ բառին։ Կասկած չկայ որ այս բառը միջնադարուն գործածուած բառ մը եղած է նաեւ հայ մատենագիրներուն եւ տաղասացներուն կողմէ. օրինակի համար, Դաւիթ Սալաձորցիի բանաստեղծութիւններէն մին կը կոչուի. «Ղարիպին սիրտն է ի սուգ, դարտն է խորուն», եւ բանաստեղծութեան ամէն տուները սկիզբ կ՚առնէ «Ղարիպ» բառով: Հին, սակայն շատ չլսուած բանաստեղծ Օքսուզ Յովհաննէս եւս իր բանաստեղծութիւններուն մէջ կը գործածէ այդ բառը, ըսելով. «Ես ղարիպ եմ յօտար երկիր, չունիմ յաշխարհս երամ, վա՜յ»:

Այս բառը շատ անգամ որպէս ածական ալ օգտագործուած է մարդոց համար. օրինակ՝ «Բազմավէպ» հանդէսին մէջ կը կարդանք Ղարիպ Մինասի մասին։ Համաստեղ ալ իր «Անձրեւ» աշխատութեան մէջ կը յիշէ Ղարիպ Չիչօ մը. այստեղէն իսկ յառաջացած է Ղարիպեան մականունը:

Ղարիպ բառը կարելի է գտնել Յակոբ Օշականի «Մնացորդաց» աշխատութեան Գ. Հատորին մէջ. «ուր կը մտնէր տաղաւարներուն, լալու իր մեղքին վրայ ու ճաշակելով սուրբ խորհուրդը ղարիպ տէրտէրի մը ձեռքէն»:

Յովսէփ Մալէզեան ղարիպ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել պանդուխտ եւ կամ աղքատ բառերը, թէեւ շատ անգամ գրականութեան մէջ գործածուած է նաեւ անծանօթ եւ օտար իմաստով եւս:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -326-

Երբ պատանի էինք, հայրս Լիբանանի մէջ նպարեղէնի խանութ մը ունէր. օր մը մայրս ու հայրս գործով տեղ պէտք է երթային եւ չեմ գիտեր ինչպէս խանութը վստահեցան եղբօրս եւ ինձ. երկուքս ալ պատանի ու անփորձ:

Ժամանակ մը ետք հայ մը եկաւ եւ բաւական ապրանք վերցուց։ Վճարումի փոխարէն սակայն յայտնեց, թէ հօրս ընկերն է. հօրս մասին գրեթէ ամէն մանրամասնութիւն գիտէր եւ ձեւով մը յաջողեցաւ համոզել մեզ: Բաւականին շատ ապրանքներ առնելով առանց դրամ վճարելու հեռացաւ, յայտնելով թէ յետոյ հօրս կը մօտենայ ու վճարումը կը կատարէ:

Ժամ մը ետք հայրս ու մայրս վերադարձան. պարզուեցաւ որ Գօգօ անունով նման ծանօթ մը չունին. յետոյ լսեցինք, որ նոյն հայը տարբեր գողութիւններ կատարած է նաեւ հայկական այլ խանութներէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2023